image
Հրատապ լուրեր:

ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ Արցախեան հիմնախնդրի քննարկում

ՀՅԴ Բիւրոյի  նախաձեռնութեամբ  Արցախեան հիմնախնդրի  քննարկում

Երեւանի ՀՅԴ Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնատեղիին  մէջ Չորեքշաբթի, 10 Օգոստոսին տեղի ունեցած է  ՀՅԴ կառոյցներու շրջանային քննարկում՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի նախագահութեամբ:

Քննարկման մասնակցած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորներ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, ՀՀ Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորներ, Արցախի ու Հայաստանի կառոյցներու այլ պատասխանատու ընկերներ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ: Քննարկուած են Արցախեան հիմնախնդիրին եւ Արցախին վերաբերող այլ հարցեր: