image

Երէկ բերման ենթարկուածները ազատ արձակուած են

Երէկ  բերման ենթարկուածները  ազատ  արձակուած են

Ըստ ՀՀ Ոստիկանութեան  հանրութեան հետ կապի  վարչութեան  անդամ Էտկար Ջալոյեանի,  երէկ «Ազատութեան» հրապարակէն  բոլոր բերման    ենթարկուածները ազատ արձակուած են: Նշենք, որ  հայրենի լրատուական  ծառայութիւններ աւելի վաղ  այս մասին  գրելով յայտնած էին,  որ  բերման    ենթարկուած են  27  անձեր, որոնք կը մասնակցէին երէկ նշել հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին: Կը  նշուի նաեւ, որ բերման ենթարկուածներու     կատարած  խախտումին վերաբերեալ  ոստիկանութիւնը   արձանագրութիւն պահած է:  Նշենք, որ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամ   Յարութիւն Աղլամազեան երէկ   գիշեր  իր տան  մօտ ծեծի ենթարկուած էր: Վերջինս     հիւանդանոց փոխադրուելէ եւ անհրաժեշտ  բուժօգնութիւն ստանալէ ետք    դուրս եկած է հիւանդանոցէն եւ անոր վիճակը ներկայիս բաւարար է: