Այսօր ստորգրահաւաք մը մեկնարկած է Եղիշէ Պետրոսեանի ազատութեան համար: Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնուած է ընկերային ցանցերու վրայ: Change.org էջով հրապարակուած Եղիշէ Պետրոսեանի համար տարուող ստորագրահաւքին մէջ կը նշուի, որ երաժիշտ եւ արուեստագէտ Պետրոսեան յայտնուած է առողջական բարդ վիճակի մը մէջ եւ իշխանութիւններէն կը պահանջուի արագօրէն ազատ արձակել զինք: Նշենք, որ Պետրոսեան ներկայ պահուս կը գտնուի հիւանդանոցի մէջ անհրաժեշտ դարմանում ստանալու համար: Ստորագրահաւքին մասնակիցներ իրենց խօսքը ուղղած են ՀՀ Ազգային Ժողովին եւ Արդարադատութեան նախարարութեան պահանջելով Եղիշէ Պետրոսեանը չկալանաւորել:
Ստորագրահաւաքին մասնկացելու համար կարելի է սեղմել ՝ այստեղ: