Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանատունը այսօր կոչ մը հրապարակելով յորդորած է արագօրէն ազատ արձակել ՊՊԾ կեդրոնը գտնուող բժիշկները: Դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ'ըսուի, թէ Հայաստանի մէջ առկայ խնդիրներուն լուծումը պէտք է կատարուի միայն խաղաղ ճանապարհներով: 17 յուլիսէն ի վեր այս երկրորդ անգամն է, որ Երեւանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը նման կոչով հանդէս կու գայ: