image

«Ճգնաժամային Խորհուրդ»ի գլխաւոր անդամները ազատ արձակուեցան. Էրէբունիի տագնապը կը շարունակէ մնալ անլոյծ

«Ճգնաժամային  Խորհուրդ»ի   գլխաւոր անդամները     ազատ արձակուեցան.  Էրէբունիի տագնապը կը  շարունակէ մնալ անլոյծ

12-րդ օրն  Է , որ Էրէբունի շրջանի ՊՊԾ  գունդի կեդրոնի տագնապը կը շարունակէ մնալ անլոյծ:  Մինչ «Սասնայ ծռեր» կը շարունակէ  պահանջել Ժիրայր Սէֆիլեանի եւ միւս  քաղբանտարկեալներուն ազատ արձակումը, անդին  օրեր առաջ սկիզբ առած  բանակցութիւններուն մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: Երէկ գիշեր իրադրութիւնը խաղաղ եղած է Խորենացի փողոցին վրայ:   Ոստիկանութիւնը    բերման ենթարկած է   մեծ թիւով քաղաքացիներ, որոնց մէջ եղած է նաեւ գանատահայ դերասանուհի Արսինէ  Խանճեան, որն աւելի ուշ  ազատ արձակուած է: Կը հաղորդուի նեաւ, որ «Հակաճգնաժամային խորհուրդ»ի անդամներ՝ Ալեք Ենիգոմշեան, Արմէն  Մարտիրոսեան,  Դաւիթ Սանասարեան , Եղիշէ Պետրոսեան եւ ուրիշներ, որոնք  բերման  ենթարկուած էին բոլորն ալ ազատ արձակուած են:  «Նախախորհրդարան»ի անդամ Ալեք Ենիգոմշեան եւ Կիւմրիի   «Ասպարէզ» լրագրողական ակումբի    նախագահ՝ Լեւոն  Բարսեղեան կը   շարունակեն մնալ անազատութեան  մէջ: