image

Զէնքը վար դնելէն յետոյ նախագահը կ'ընդունի Սէֆիլեանին. Վիթալի Բալասանեան

Զէնքը վար դնելէն  յետոյ նախագահը կ'ընդունի  Սէֆիլեանին. Վիթալի  Բալասանեան

Վիթալի  Բալասանեան այսօր դարձեալ կոչ ըրած է «Սասնայ ծռեր» խումբի  տղոց՝ անյապաղ  կերպով վար  դնել  իրենց ունեցած զէնքերը եւ յանձնուիլ իշխանութիւններուն: Արցախի հերոսը (ԼՂՀ  պատգամաւոր) նաեւ ըսած է,թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան  Բալասանեանին  յայտնած է, թէ ինք   պատրաստ է ընդունիլ Սէֆիլեանը  վերջինին հետ խօսելու     ազգային բարձր նշանակութիւն ունեցող հիմնախնդիրներու մասին: «Արմէնբրէս»  գործակալութեան կողմէ   հրապարակուած յայտարութթեան մէջ     Բալասանեան    հաւաստած է, թէ Ալեք Եիգոմշեանի եւ իր ներկայութեամբ Վարդաշէնի բանտին մէջ   Սէֆիլեան    ըսած է, թէ ելլելով   պահի  դրութիւնէն, ինք կը հրաժարի նախագահի   հրաժարականը   պահանջէն:  Բալասանեանի ըսելով    գնդապետ Արթուր Վանոյեանի   սպաննութեան  պատճառ եղողը  «Սասնայ ծռեր»  խումբի  վիրաւորուած   զինեալն է, որ նոյնպէս  արագօրէն կարիք ունի շտապ բուժօգնութեան: