image

«Սասնայ ծռեր» խումբը կը մերժէ զէնքերը վար դնել

«Սասնայ ծռեր» խումբը   կը մերժէ զէնքերը վար դնել

Էրէբունիի ՊՊԾ կայանին մէջ գտնուող  «Սասնայ ծռեր»  խումբը կը մերժէ յանձնուիլ: Այսօր  այդպէս յայտատարեց խումբի անունով հանդէս եկող Վարուժան Աւետիսեան: Ան նաեւ ըսաւ, թէ իրենց  յանձնուելուն վերաբերեալ  շրջան  ընող զրոյցները անճիշդ  են: Աւետիսեան նաեւ ըսաւ, թէ իրենց համար  հիմնական պահանջը կը մնայ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարանը եւ իրենք   պատրաստ են զօրանոցին  մէջ մնալ մինչեւ այդ նպատակին իրագործումը:   Աւելի վաղ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, Արցախի հերոս եւ    զինեալ խմբակին ու  օրինապահ մարմիններուն  միջեւ միջնորդի դերով հանդէս եկող Վիթալի Բալասանեան  յայտարարած էր, որ թէ  Ժիրայր Սէֆիլեան  դրական արձագանքած է   զինեալ տղոց զէնքերը վար դնելու   խնդրին ու յայտնած, թէ ինք կը հրաժարի հանրապետութեան  նախագահի հրաժարական պահանջելու  խնդրէն: