image
Հրատապ լուրեր:

Էրէբունիի բոլոր պատանդները ազատ արձակուեցան. Կը սպասուի մամլոյ ասուլիս

Էրէբունիի բոլոր պատանդները ազատ արձակուեցան. Կը  սպասուի մամլոյ ասուլիս

Էրէբունի շրջանի ՊՊԾ ոստիկանական կեդրոնին մէջ եղող բոլոր պատանդները ազատ  արձակուած են: Լրատուական  աղբիւրներ, որ այս մասին լուր  հաղորդեցին նաեւ նշեցին, որ վերջին երկու  պատանդներ  գնդապետներ՝ Վալէրի Օսիբեանն ու  Վարդան  Եղիազարեանը ազատ արձակուած են:       Հայաստանի լրատուական  դաշտի   մեծ թիւով ներկայացուցիչներ   հաւաքուած են զօրակայանի    մօտ եղող Խորենացի փողոցին վրայ  եւ կը սպասեն «չէզոք գօտի» մտնելուն: Կը սպասուի նաեւ մամլոյ ասուլիս, որուն  իրենց մասնակցութիւնը  պիտի բերեն  օրինապահ մարմիններու եւ «Սասնայ ծռեր» խմբակի ներկայացուցիչներ: