image
Հրատապ լուրեր:

Հրանդ Բագրատեանի վրայ շիշ նետած քաղաքացին բերման ենթարկուեցաւ (Տեսանիւթ)

Հրանդ Բագրատեանի վրայ շիշ նետած  քաղաքացին  բերման ենթարկուեցաւ  (Տեսանիւթ)

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի շէնքին առջեւ ընթացող բողոքի  հաւաքը   աւարտած է միջադէպով: Այս մասին կը փոխանցէ A1+ կայքը, որուն  փոխանցմամբ Ստեփանաւանի քաղաքացի Գէորգ Մխիթարեան  Բագրատեանին հետ վէճի բռնուելէ ետք անոր  վրայ  կերպընկալէ շիշ մը նետած է: Ոստիկանութիւնը    ձերբակալած է   եւ  բերման  ենթարկած:  Նշենք, որ հաւաքը տեղի կ'ունենար Ռուսիոյ հետ  հակօդային միացեալ  համակարգ ստեղծելուն դէմ: