image
Հրատապ լուրեր:

Սահմանին յարաբերական անդորրը կը շարունակուի

Սահմանին յարաբերական  անդորրը կը շարունակուի

Արցախեան  սահմանին  յարաբերական անդորրը կը շարունակուի: Այս մասին կը տեղեկացնէ   ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարարութիւնը: Աղբիւրը նոյնպէս  կը հաղորդէ, թէ հակառակորդը  երէկ   գիշեր  հայկական  սահմանապահ  դիրքերու ուղղութեամբ օգտագործած է  հրաձգային  եւ դիպուկահար զէնքեր: Հայկական  զօրքերը   համապատասխան   գործողութիւններ կատարելով  կը շարունակեն վերահսկողութեան  տակ պահել   սահմանի ողջ երկայնքը: