image

Փաշինեան - Անթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյց

Փաշինեան - Անթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյց

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընի հետ: Այս մասին տեղեկացուցած են ՀՀ վարչապետի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Նիկոլ Փաշինեանը նախ շնորհաւորած է զրուցակիցը այդ բարձր պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ: Խօսելով երկկողմ յարաբերութիւններու մասին՝ վարչապետ Փաշինեանը բարձր գնահատած է ԱՄՆ կողմէ Հայաստանին տրամադրուող մշտական աջակցութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ ԱՄՆ ունեցած դերակատարումը:

Կողմերը անդրադարձած են պատերազմէն ետք տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին: Ընդգծուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջածիրէն ներս խաղաղ գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը:

Զրուցակիցի ուշադրութիւնը յատկապէս հրաւիրուած է Ատրպէյճանի կողմէ գերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձանց անյապաղ վերադարձի անհրաժեշտութեան վրայ: Տուեալ ծիրէն ներս ամերիկեան կողմը շեշտած է Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնել շարունակել իր դերակատարումը հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ:

Պետական քարտուղարը ընդգծած է Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը: Ան բարձր գնահատած է ժողովրդավարութեան ասպարէզին մէջ Հայաստանի արձանագրած ձեռքբերումները եւ վստահեցուցած, որ ԱՄՆ պիտի շարունակէ բարեփոխումներու համար Հայաստանին տրամադրուող օժանդակութիւնը:

Երկուստեք կարեւորուած է համագործակցութիւնը Հայաստանի մէջ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, փտածութեան դէմ պայքարի, արդարադատութեան համակարգի եւ ոստիկանութեան բարեփոխումներու ուղղութեամբ:

Նիկոլ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ամերիկեան կողմի գնահատականներու եւ բարեփոխումներու ասպարէզին մէջ օժանդակութիւն տրամադրելու պատրաստակամութեան համար: