
Հայաստանի նախագահը կոչ ըած է բոլորին՝ պետական մարմիններուն, ուժային կառոյցներուն, քաղաքական ուժերուն եւ քաղաքացիներուն, դրսեւորելու զսպուածութիւն եւ ողջախոհութիւն: «Իւրաքանչիւր չկշռադատուած խօսք կամ գործողութիւն մեծացնում է լարուածութիւնը եւ էլ աւելի խորացնում ճգնաժամը», - յայտարարութեան մէջ նշած է Արմէն Սարգսեան:
Ան յորդորած է տեղիք չտալ սադրանքներու եւ ձեռնպահ մնալ ատելութեան ու անհանդուրժողականութեան կոչերէն. «Մեր ժողովուրդը չի կարող իրեն թոյլ տալ պառակտում, պէտք է մերժել պետութիւնը ապակայունացնելու եւ պետականութիւնը վտանգելու ցանկացած փորձ, անվերապահօրէն գործել Սահմանադրութեան շրջանակներում:
Եւս մէկ անգամ հաստատելով նախագահական հիմնարկի՝ որպէս հաւասարակշռող կառոյցի դերը՝ հրատապ նախաձեռնում եմ քայլեր լարուածութեան թուլացման եւ իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման ուղիներ գտնելու նպատակով»:
Արմէն Սարգսեան վստահ է, որ երկիրը ցնցումներու տանիլը անարգանք կ'ըլլայ պատերազմին զոհուածներու յիշատակին:















