image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմութիւնը հերթական երթ կը կայացնէ

Ընդդիմութիւնը հերթական երթ կը կայացնէ

Քիչ առաջ ընթացք առաւ Հայաստանի ընդդիմութեան բողոքի հերթական երթը։

 

 Այս մասին տեղեկութիւն հաղորդեց «Արեւելք»ի Երեւանի աղբիւրը։

 

 Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ բողոքի երթը ընթացք առաւ հանրապետութեան հրապարակին մեր գտնուող Արամ Մանուկեանի արձանի մօտէն եւ մասնակիցները ընթացան դէպի Երեւանի Ոստիկանութեան գլխաւոր շէնք։

 

 Նշենք, որ երթը կը գլխաւորէ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան։

 Իսկ երթի ժամանակ փոխն ի փոխ խօսք առին շարժման համակարգող՝ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, «Հանրապետական» կուսակցութեան անդամ Արփինէ Յովհաննիսեան, եւ ապա Վազգէն Մանուկեան։

 

 Խօսողները բոլորն ալ կարեւորեցին պայքարը շարունակելու վճռակամութիւնը յայտարարելով նաեւ, որ Փաշինեան անպայման պիտի հեռանայ աթոռէն։