image

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ԱԳ Նախարարները հեռախօսազրոյց ունեցան

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ԱԳ Նախարարները հեռախօսազրոյց ունեցան

 

11 Փետրուարին ՀՀ ԱԳ նախարար Արա Այվազեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի հետ։ Ի շարունակումն նախապէս ունեցած շփումներու` ԱԳ նախարարները համընդգրկուն քննարկում ունեցած են տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ, անդրադարձ կատարած են Արցախի մէջ մարդասիրական իրադրութեան եւ արցախահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու հասցէագրման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն։

 

Հրատապ լուծում պահանջող մարդասիրական հարցերու ծիրէն ներս ՀՀ ԱԳ նախարարը ընդգծած է հայ ռազմագերիներու ու պատանդի կարգավիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիական անձանց հայրենադարձման հարցը` ընդգծելով Ատրպէյճանի կողմէ այդ գործընթացին մէջ խոչընդոտներ ստեղծելու անթոյլատրելիութիւնը։ Այս առնչութեամբ ԱԳ նախարար Այվազեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսացի իր գործընկերոջ հարցը օրակարգի վրայ մշտապէս բարձր պահելու համար:

ԱԳ նախարարները շեշտած են ԼՂ խաղաղ կարգաւորման գործընթացի հասցէագրումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջանակներէն ներս եւ միտքեր փոխանակած են համանախագահներու գործունէութեան առաջիկայ ժամանակացոյցի շուրջ։

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են նաեւ երկկողմ օրակարգի հարցեր։ Զրուցակիցները բարձր գնահատած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յանձնարարութեամբ Արտաքին գործոց պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուանի պատուիրակութեան վերջերս Հայաստան կատարած այցը` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները քննարկելու համար, միտքեր փոխանակուած են այցի արդիւնքներով ձեռնարկուելիք հետագայ քայլերու շուրջ։

ԱԳ նախարարներ Այվազեանը եւ Լը Տրիանը կարեւորած են տարբեր մակարդակներով փոխշփումներու եւ խորհրդակցութիւններու շարունակականութիւնը: