image

Վաղարշակ Յարութիւնեանն ընդունած է ռուս խաղաղապահներու զօրահրամանատար Զօր. Մուրատովը

Վաղարշակ Յարութիւնեանն ընդունած է ռուս խաղաղապահներու զօրահրամանատար Զօր. Մուրատովը

10 Փետրուարին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանն ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ հրադադարի ռեժիմի վերահսկման նպատակով տեղակայուած ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովը:

Վաղարշակ Յարութիւնեանը շնորհակալութիւն յայտնած է զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովին՝ գերիներու փոխանակման գործընթացին աշխոյժ դերակատարում ունենալու, ինչպէս նաեւ անյայտ կորսուածներու որոնողական աշխատանքներուն աջակցելու համար եւ գոհունակութեամբ նշած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարն անդրադարձած է փոխգործակցութեան շարք մը խնդիրներու եւ այդ առնչութեամբ ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարին ներկայացուցած է իր դիտարկումները։ Վաղարշակ Յարութիւնեանն ընդգծած է ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու պահպանման համար իրականացուող քայլերու շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը։