image

«Չկարողացայ յաղթահարել պատերազմի պայմաններուն վարչապետ-ՊՆ-ԳՇ հրամանատարական ուղղահայեացին մէջ առկայ անյստակութիւնը» Տօնոյեան կարեւոր փակագծեր բացաւ

«Չկարողացայ յաղթահարել պատերազմի պայմաններուն վարչապետ-ՊՆ-ԳՇ հրամանատարական ուղղահայեացին մէջ առկայ անյստակութիւնը» Տօնոյեան կարեւոր  փակագծեր բացաւ

ՀՀ նախկին պաշտպանութեան նախարար՝ Դաւիթ Տօնոյեան հարցազրոյց տուած է Մետիամաքսին՝  անդրադառնալով պատերազմի ընթացքին ու անկէ առաջ իր յայտարարութիւններուն ու պարտութեան պատճառներուն։

Այն հարցին, թէ Ինչպիսի՞ն եղած է իր դիրքորոշումը 2020-ի 12 յունիսի Անվտանգութեան խորհրդի նիստին, ուր Գլխաւոր շտապի պետ՝ Օնիկ Գասպարեան ըսած է, որ Հայաստանը չի կրնար արդիւնաւէտ դիմակայել պետութիւններու համահաւաք ռազմական ներուժին, եւ անհրաժեշտ է քաղաքական ու դիւանագիտական ողջ ներուժն ուղղել պատերազմէն խուսափելու կամ յետաձգելու: Տօնոյեան պատասխանած է թէ նիստին զեկուցուած եղած է ՊՆ եւ ԳՇ համակարգուած եւ համաձայնեցուած մօտեցումը։

Տօնոյեան անդրադարձած  է թէ Տաւուշի յուլիսեան մարտերու ընթացքին Զինուած ուժերու ներկայացուցիչները հետաքրքրուած չեն եղած PR արշաւով ու Ատրպէճանին եւ Թուրքիոյ «լրացուցիչ անհանգստութիւնով»: «Բայց մեզ համար անսպասելի էր  Ալիեւի եւ ատրպէճանական վերնախաւի անհաւասարակշիռ կեցուածքը, որին գումարուեցին Թուրքիայի բաւականին կոշտ «եղբայրական» հաւաստիացումները՝ Հայաստանին պատժելու վերաբերեալ՝ «տարածաշրջանային իրողութիւններին չտիրապետելու եւ իրավիճակը ապակայունացնելու» համար»։

Իսկ Օնիկ Գասպարեանի խօսքին վերաբերալ,  որ պատերազմի 4-րդ օրը նշած էր, թէ անհրաժեշտ է միջոցներ ձեռնարկել պատերազմը կանգնեցնելու համար, Տօնոյեան ըսած է «Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ Զինուած ուժերը անկեղծ եւ անձնազոհաբար արել են աւելին, քան հնարաւոր էր՝ յանուն յաղթանակի։ Իսկ Գլխաւոր շտապի սառը հաշուարկի հիման վրայ կատարուած վերլուծութիւնը համաձայնեցուած էր ինձ հետ»։

Իսկ թէ Պաշտպանութեան բանակէն ներս տիրած է խառնաշփոթ իրավիճակ, եւ մասնակցած են մարդիկ, որոնք չեն ունեցած նման լիազօրութիւններ, ան պատասխանած է «Համոզուած եմ, որ ներքաղաքական իրավիճակի կայունացման պայմաններում քննութիւն կ'իրականացուի ու նմանատիպ բոլոր հարցերին պատասխաններ կը տրուին»։

Իր անձնական ամենամեծ բացթողումին մասին այս պատերազմի ընթացքին Տօնոյեան ըսաւ «Չկարողացայ յաղթահարել պատերազմի պայմաններուն վարչապետ-պաշտպանութեան նախարարութիւն-Գլխաւոր շտապ հրամանատարական ուղղահայեացին վերաբերող անյստակութիւնը եւ դրանից առաջացող խոչընդոտները։ Մասնաւորապէս, այն հարցերում, որոնք վերաբերում էին զօրահաւաքին, Անվտանգութեան խորհրդի դերակատարութեանը եւ գործառոյթներին, Հայաստանի Զինուած ուժեր-ՊԲ-Արցախի նախագահ գործառոյթներին եւ պաշտօնէական փոխյարաբերութիւններին, Արցախում ինքնապաշտպանութեան կազմակերպմանն ու բնակչութեան տարհանմանը»։

Ան շարունակած է, որ 2015-ին ընդունուած նոր Սահմանադրութեամբ պատերազմի ժամանակ պաշտպանութեան նախարարը դուրս կը մնայ ռազմական գործողութիւններու ծրագրաւորումէն եւ վարման գործընթացէն, եւ այդ լիազօրութիւնները կը վերապահուին Գերագոյն հրամանատարին եւ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապի պետին։ Եւ փորձեր եղած են օրէնքին մէջ կարգաւորել այդ անյստակութիւնը, բայց բաւարար չեն եղած:

Ամբողջական հարցազրոյցը՝ «Մետիամաքս»էն: