image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ

Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւն:

«Այսօր անվտանգութեան խորհրդի ընդլայնուած կազմով անցկացնում ենք խորհրդակցութիւն, առաջիկայում նման խորհրդակցութիւններ աւելի յաճախ պէտք է անենք, որպէսզի մեր գործողութիւնները լինեն համադրուած»,- ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ շարք մը ուղղութիւններով տարբեր գերատեսչութիւններու մէջ կը կատարուին համապատասխան աշխատանքներ:

Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է խորհրդակցութեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մասնակցութիւնը՝ տեղեկատւութեան փոխանակման, մարտավարական եւ ռազմավարական առումով հետագայ ընելիքներու ծրագրման ծիրէն ներս:

Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ այսօր պիտի քննարկուին ընթացիկ հարցերը, որոնք այս պահուն կան օրակարգի վրայ: