image

Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը ներգրաւուած է 10 դատական գործի մէջ. News.am

Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը ներգրաւուած է 10 դատական գործի մէջ. News.am

Վերջին երկուքուկէս տարուան ընթացքին ՀՀ տարբեր դատարաններու մէջ մէկ տասնեակ գործեր քննուած են եւ կը քննուին Նիկոլ Փաշինեանի խումբի ամենագայթակղային պաշտօնեաներէն մէկու՝ վարչապետի աշխատակազմի նորանշանակ ղեկավար Արսէն Թորոսեանի անուան հետ կապուած։ Առողջապահութեան նախկին նախարարը 4 քաղաքացիական գործով ունի պատասխանողի, 4 գործով՝ հայցուորի կարգավիճակ. եւս 2 քրէական գործերով ալ Թորոսեանն ունի վկայի կարգավիճակ։

Մասնաւորապէս, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր՝ հրապարակայնօրէն զրպարտելու եւ վիրաւորանք հասցնելու համար Արսէն Թորոսեանի դէմ դատական հայց ներկայացուցած են «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոն»ի նախկին տնօրէն Արա Մինասեանը, Առոջապահութեան նախկին նախարար, ԵՊԲՀ  Արմէն Մուրատեանը, «Հայկական առողջապահական ազգային խորհուրդ» ՔԿՀ նախագահ Գէորգ Գրիգորեանը, ՀՀ ԱՆ Ճառագայթային բժշկութեան եւ այրուածքներու գիտական կեդրոնի տարրալուծարանի ախտորոշիչ բաժանմունքի վարիչ Դաւիթ Գրիգորեանը:

Նախարարի պաշտօնին Արսէն Թորոսեանն ալ իր հերթին դատի տուած է Երեւանի աւագանիի նախկին անդամ Մարինա Խաչատրեանին, Մասիսի Բժշկական կեդրոնի նախկին տնօրէն Նունէ Աւանէսեանին, քաղաքական արուեստագէտ Կարէն Քոչարեանին, դիմատետրի ընկերային ցանցի օգտատէր Սերկէյ Չամանեանին։

Յիշեալ անձերէն Թորոսեանը կը պահանջէ  հրապարակայնօրէն ներողութիւն խնդրել, ինչպէս նաեւ զրպարտութիւն համարուող փաստացի տուեալները հերքել։ Նախկին նախարարը վկայի կարգավիճակ ունի «Վերարտադրողական առողջութեան, պերինաթոլոկիայի, մանկաբարձութեան եւ կինեքոլոկիայի հանրապետական ինստիտուտ» ընկերութեան տնօրէն Ռազմիկ Աբրահամեանի, ինչպէս նաեւ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու համար մեղադրուող Պետական վերահսկողական ծառայութեան նախկին պետ Դաւիթ Սանասարեանի գործերով։ Այսպիսով, Արսէն Թորոսեանը դեռ չունի  տուժողի, կասկածեալի, մեղադրեալի կամ ամբաստանեալի դատավարական կարգավիճակ։