image

Ըստ Արթուր Վանէցեանի՝ Քյարամեանի ԱԱԾ պետ նշանակումը սպառնալիք էր Հայաստանին համար

Ըստ Արթուր Վանէցեանի՝ Քյարամեանի ԱԱԾ պետ նշանակումը սպառնալիք էր Հայաստանին համար

ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէն, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ՝ Արթուր Վանէցեան անդրադարձած է  ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէն՝ Արգիշտի Քյարամեանի յայտարարութիւններուն ու ըսած, թէ այն ինչ իրենք ըրած են ռազմադաշտին վրայ, գնահատականը տրուած է ՊԲ հրամանատարութեան կողմէ։

«Այն ստայօդ տեղեկութիւնները, որ մշտապէս փորձում են տարածել իմ նկատմամբ ու իմ կողմնակիցների նկատմամբ, բանականութիւն ունեցող որեւէ մարդ այդ ստայօդ լուրերուն չի կարող հաւատալ», - այսօր լրագրողներուն ըսաւ Վանէցեան:

Ան յիշեցուց, թէ երբ Արգիշտի Քյարամեանը նշանակուած էր ԱԱԾ-ի տնօրէն, ինք ըսած էր, որ անոր նշանակումը ազգային անվտանգութեան սպառնալիք է։

«Ցաւօք սրտի, այդ կանխատեսումս իրականութիւն դարձաւ։ Ռազմի դաշտում պատահաբար հանդիպել ենք Արգիշտիի հետ եւ ասել եմ՝ բոլոր տարաձայնութիւնները պէտք է դնել մի կողմ ու պաշտպանել մեր հայրենիքը, եթէ նա խախտում է այդ պայմանաւորուածութիւնը իր կամքով՝ դա տղամարդուն վայել չէ, եթէ խախտում է ու կատարում ինչ-որ պատուէրներ, առաւել եւս, սազական չէ տղամարդուն», - ըսաւ ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէնը։

Վանէցեան ընդգծեց, որ ինքն ու իր ջոկատը մարտնչած են ամենաթէժ ու դժուար տեղերը։ Վանէցեանի խօսքով՝ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար՝ Լեւոն Մնացականեան, որու յանձնարարուած էր Շոշ գիւղի հատուածի պաշտպանութիւնը, եւ ուր իրենք ալ իրականացուցած են իրենց հերթապահութիւնը եւ մասնակցած մարտական գործողութիւններուն, խօսած է, խօսած է նաեւ ԱԱԾ-ի տնօրէնի նախկին պաշտօնակատար՝ Միքայէլ Համբարձումեան։