image

Նիկոլ Փաշինեանը փոխարինե՞լ. Մակունց չէ հերքած քննարկում եղած ըլլալու մասին տեղեկութիւնը

Նիկոլ Փաշինեանը փոխարինե՞լ. Մակունց չէ հերքած քննարկում եղած ըլլալու մասին տեղեկութիւնը

 

Որպէս ԱԺ պատգամաւոր իմ առաջնահերթ խնդիրներէն է նաեւ Սահմանադրութեան պահպանումը, եւ քաղաքացիի կամարտայայտման ապահովումը. Մենք ատոր հետ կապուած ներկայացուցած ենք այն ուղին, որ կը պատկերացնենք, որն է՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այս մասին, 13 յունուարին, ԱԺ-ի մէջ «Իմ քայլը» խմբակցութեան հետ նախկին զինդատախազ Գագիկ Ջհանկիրեանի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը՝ անդրադառնալով արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու խնդրին:

«Խորհրդարանական ընդդիմութիւնն իր  վերջնական տեսակէտը կը ձեւաւորի, մնացածն արդէն ժամանակը ցոյց կը տայ»,-ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի «Իմ քայլը» լքած պատգամաւոր Սոֆիա Յովսէփեանի յայտարարութեան, թէ ինքը «Իմ քայլի» մէջ առաջարկած է փոխել վարչապետը, եւ այդ մասին քննարկում եղած է, Մակունցն ըսած է. «Ես այլ անձանց յայտարարութիւնները թոյլ տուէք չմեկնաբանեմ, իսկ մեր ներքին քննարկումների հետ կապուած այն, ինչ արդիւնք ունենք, ունենք այդ արդիւնքը: Ես նպտակայարմար չեմ գտնում մեր խմբակցութեան ներքին քննարկումները այս պահին հրապարակել: Մեր խմբակցութիւնում եղել են տարբեր քննարկումներ»:

Ճշդող հարցին, թէ  ինչ հիմնաւորմամբ է, որ որոշուած է վարչապետը փոխելու նախաձեռնութեամբ հանդէս չգալ, Մակունցը պատասխանած է. «Հիմնաւորումն այն է եղել, որ իշխանութիւնը քաղաքացուց խլելու մեթոտով  չի կարելի առաջնորդուել: Հետեւաբար արտահերթ ընտրութիւնների առաջարկի օրակարգը կայ եւ ըստ այդմ կը շարժուենք առաջ»: