image

Հայաստան. «Քորոնա»ի 157 նոր վարակակիր, մահացած է 2 հոգի

Հայաստան. «Քորոնա»ի 157 նոր վարակակիր, մահացած է 2 հոգի

Հայաստանի մէջ 11 յունուարին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 157 նոր դէպք գրանցուած է, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 162288 դէպքի: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու եւ վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնը:

Ընդհանուր քննութիւններու թիւը կը կազմէ 609930 վերջին մէկ օրուան մէջ` 1025 նոր քննութիւն:

Փաստացի այս պահուն բուժում կը ստանայ 8782 վարակակիր. մէկ օրուան մէջ նուազած է 408-ով:

Վերջին տուեալներով ապաքինուած է 149873 անձ` վերջին մէկ օրուան մէջ 561 անձ:

Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 2 քաղաքացի, մահացածներու ընդհանուր թիւը 2931 է: