image

Վարչապետ Փաշինեան աշխատանքային այցով պիտի մեկնի ՌԴ

Վարչապետ Փաշինեան աշխատանքային այցով պիտի մեկնի ՌԴ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 11 յունուարին աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ռուսաստանի Դաշնութիւն: 

Ինչպէս «Արեւելք» տեղեկացաւ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը: 

Այցի շրջածիրէն ներս վարչապետը նաեւ առանձնազրոյց պիտի ունենայ ՌԴ նախագահի հետ: