image

Հայաստանի գրողներու միութիւնը կը պահանջէ ՀՀ վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը

Հայաստանի գրողներու միութիւնը կը պահանջէ ՀՀ վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը

Հայաստանի գրողներու միութիւնը կը պահանջէ ՀՀ վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը ստորեւ ներկայացուած յայտարարութեամբ.-

 «Սիրելի հայրենակիցներ,

Ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ 2020 թուականը կը փակենք մեր ժողովուրդի ու Հայրենիքի համար չափազանց տագնապալի իրավիճակով։ Տնտեսական ու ընկերային զարգացման իրական հեռանկարներու բացակայութիւնը, «Քորոնա» ժահրի համաճարակի դէմ անբաւարար պայքարը, ազգային արժէքներու ոտնահարմամբ՝ կրթական, գիտական, մշակութային զարգացման կասկածելի քաղաքականութեան որդեգրումը ու յամառօրէն գործադրումը, վերջապէս՝ ձախող ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան հետեւանքով, Արցախեան երկրորդ տեւական պատերազմին կրած նուաստացուցիչ պարտութիւնը՝ տասնեակ հազարաւոր զոհերու, վիրաւորներու, գերեվարուածներու եւ անհետ կորածներու ցաւալի հետեւանքներով, Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային զգալի կորուստներով եւ անվտանգութեան մակարդակի նուազման աղէտալի իրողութիւններով… Իրողութիւններ, որոնց պատճառներն ու հետեւանքները՝ առանց զգացմունքային դրսեւորումներու, ենթակայ են խորքային ու համապարփակ քննութեան։

Այս ամէնով հանդերձ, մենք, սակայն, կը գտնենք, որ դեռեւս ամէն բան կորսուած չէ, դեռ կան իրաւական, դիւանագիտական լծակներ, միջազգային ձեւաչափեր ու հարթակներ, որոնց մէջ կարելի է եւ պէ՛տք է լրջագոյն, փորձառու մասնագիտական ուժերու ու միջոցներու ներգրաւմամբ, պայքարիլ հայանպաստ լուծումներ գտնելու եւ որոշումներ կայացնելու համար։

 

Բայց այդ այլեւս չի կրնար ընել ներկայ իշխանութիւնը։

Ահա թէ ինչու, համազգային շահերէն եւ մեր ժողովուրդի ապագայի տեսլականէն բխող նպատակներու իրագործման համար կ'ակնկալենք ՀՀ գործող վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականն ու ազգային համաձայնութեան անցումային կառավարութեան ձեւաւորումը։

Եւ Աստուած պահապան բոլորիս»։

ՀԳՄ նախագահութիւն