image

Պատերազմը դադրեցնելու բոլոր պարագաներուն Շուշին պէտք է յանձնուէր. Փաշինեան

Պատերազմը դադրեցնելու բոլոր պարագաներուն Շուշին պէտք է յանձնուէր. Փաշինեան

Հիմա տեսէք ինչքան ցաւոտ կ'ընդունուի բոլորիս կողմէ, որ 3 տարածք պէտք է վերադարձուի: Իսկ ինչքան ցաւոտ կ'ըլլար, այն իրավիճակին մէջ: Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերի ժամանակ ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ պատասխանելով հարցին, թէ ինչո՞ւ պատերազմի ընթացքին չդիմեց հասարակութեան եւ չըսաւ՝ իրավիճակը այս է, եթէ շարունակենք, կ'ըլլայ շատ աւելի վատ, որպէսզի աւելի շուտ կանգնեցուէր պատերազմը։

«Այսինքն այդ որոշումը կայացուած է այն պահուն, երբ ակնյայտ եղած է, որ պայքարը այլեւս իմաստ չունի: Անկէ առաջ չէ եղած այդպիսի իրավիճակ, որ պայքարը իմաստ չունի: Մեր բանակը իրօք կռուած է մինչեւ վերջ, մինչեւ վերջին վայրկեանը»,– ըսած է Փաշինեանը։

Այդ օ՞ր ըսած են, որ իմաստ չունի հարցին ալ արձագանգած է. «Ինծի այդ օրերուն ըսին, որ պէտք է հրատապ կանգնեցնել: Ի հարկէ, անկէ առաջ ալ հնարաւորութիւններու հետ կապուած խնդիրներ եղած են, բայց մենք փորձած ենք այդ խնդիրները՝ մատակարարումներու, ՀՕՊ-ի եւ այլն, ինչ-որ ձեւով լուծել: Դուք պէտք է ճիշդ ընկալէք մեր քաղաքական խնդիրը. երբ որ սկսեր են անյաջողութիւնները ռազմաճակատին, քաղաքական խնդիրը, որ մենք ձեւակերպեր ենք, բեկում մտցնել տրամաբանութեան մէջ եւ ատոր համար ըրած ենք այն ամէնը, ինչ հնարաւոր է: Այս որոշումը կայացուած է այն  ժամանակ, երբ հասկցեր ենք, որ անիմաստ է նման խնդիր ձեւակերպել:

Որն է այն կէտը, ուր մենք այդ արձանագրեր ենք, այդ կէտը Շուշիի անկումն է: Շուշիէն առաջ պատերազմը կանգնեցնելու բոլոր հնարաւոր սենարներուն մէջ  Շուշին պէտք է յանձնուէր առանց մարտի: Ես օրինակ ըսեր եմ՝ ես չեմ կրնար Շուշին յանձնել: Մենք չենք կրնար այդ ընել, որովհետեւ Շուշին ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն»:

Փաշինեանը նկատեց, որ Ղարաբաղի հարցի բանակցային բովանդակութեան մէջ կան բազմաթիւ անորոշութիւններ, որ պէտք է մեկնաբանել այսպէս կամ այնպէս, բայց մէկ բան կայ, որ եղած է որոշակի, այդ 7 շրջաններու վերադարձն է. «25 տարի, ըստ էութեան,  այդ ձեւակերպումը դրուած եղած է սեղանին ու մենք այդ 25 տարուան մէջ չենք ըսած՝ չէ: 2015-ին համանախագահութիւնը, ըստ էութեան,  եկած է համաձայնութեան, որ քանի որ մէկ յստակ հարց կայ, ուր բանավէճ չկայ, եկէք համաձայնութեան գանք, որ տարածքներու հարցը 5+2-ով լուծենք: Այս իրավիճակի հետ կապուած շատ յաճախ քննարկուած է պատերազմի հաւանականութիւնը: Բայց այս պատերազմի տրամաբանութիւնը անոր մէջ է, որ այս պատերազմին հայկական կողմը այդ սենարին դիմադրելու նպատակ ունեցած է»: