Պետութիւնը պիտի վճարէ Երեւանի հիւրանոցներուն մէջ ժամանակաւոր բնակող Արցախցիներու քոմունալ ծախսերը

06 Նոյեմբեր 2020 , 23:37
Հայաստանի մէջ Արցախի կառավարութեան օփերաթիւ շտապի աշխատանքներու արդիւնաւէտ իրականացման շրջածիրէն ներս Միքայէլ Վիրապեանը հանդիպած է Երեւանի փոխքաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկուած է Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած քաղաքացիներու շրջանին մահացած անձանց յուղարկաւորումը կազմակերպելու, այնուհետեւ Արցախ տեղափոխելու հարցը, որու շուրջ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն։
Ինչ կը վերաբերի Երեւան քաղաքի հիւրանոցներուն եւ հիւրանոցային տուներուն մէջ ժամանակաւորապէս բնակող Արցախի քաղաքացիներու քոմունալ վճարումներուն, Հրաչեայ Սարգսեանը տեղեկացուցած է, որ անոնք կ'իրականացուին պետութեան կողմէ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են այլ խնդիրներու լուծման մեքենականութիւնները, որոնց գործնականօրէն կեանքի կոչելու պահէն քաղաքացիները պիտի իրազեկուին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի մէջ Արցախի կառավարութեան օփերաթիւ շտապը ։
Լրահոս
Խապրիկ


2021-02-25 - Ընդդիմութիւնը «ինքնաշարժներու երթ» պիտի կազմակերպէ

2021-02-25 - Քաթիա Գալստեանին պրոնզեայ մետալ
Լուսանկար եւ պատմութիւն

2021-02-04 - Արա Կիւլէրի եւ Սալվատոր Տալիի առաջին հանդիպումը

2020-08-08 - Հայ պատմաբանը՝ Պէյրութի աւերակներուն մէջ

2020-05-24 - Վարդան Մամիկոնեանի յայտնի նկարի պատմութիւնը

2020-05-11 - Օշարակ վաճառողը` Խարբերդէն. 1910 թ.

2020-04-29 - Հայ կանանց «ազգային» դիմակները՝ անկախ համաճարակներէն

Ի՞նչ Գրեցին

2021-02-22 - «Խստակեաց քաղաքաբնակներ էին, իմ Ուրֆացի պապերը...»

2021-02-21 - Հպարտութիւն է ապրիլ հերոսներու կողքին,հերոսներու հետ

2021-02-17 - Գերիներու փոխանակում Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ

2021-02-10 - Գոյամարտ Հայոց
Ամենաընթերցուած
Օրվա
Շաբաթվա
Ամսվա



2021-02-18 - #Հրատապ. Լիբանանի մէջ 1 ամերիկեան տոլարը 10.000՞-ի

2021-02-17 - Գագիկ Ծառուկեանի նուիրած Սիմբան մեծցած է

2021-01-31 - Լիբանանահայ՝ Բիւզանդ Պետոյեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

2021-02-12 - Սփիւռքահայ երիտասարդը կալանքի տակ