image

Արցախեան սահմանին նոր հրադադար

Արցախեան սահմանին նոր հրադադար

26 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ընթացք պիտի առնէ մարդասիրական հրադադար։

 

 Այս մասին տեղեկութիւնը տրուեցաւ համացանցի ճամբով, որմէ ետք ալ ՀՀ ԱԳ մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղտալեան յայտնեց, որ  Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնած են հրադարի մը, որուն նեցուկ կը կանգնի Միացեալ Նահանգները։

 

 

 Յիշեցնենք, որ հրադադարի այս փորձը արդէն երրորդն է անցեալ 27 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմէն ի վեր եւ այն  կը հաստատուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու Ուաշինկթըն տուած այցելութիւններէն անմիջապէս ետք։