image

Փաշինեան պատրաստ է մեկնելու Մոսկուա բանակցելու համար Ալիեւի հետ

Փաշինեան պատրաստ է մեկնելու Մոսկուա բանակցելու համար Ալիեւի հետ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պատրաստակամութիւն յայտնած է մեկնելու Մոսկուա Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններու նպատակով Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպելու համար:

«Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով. այդ մեր դիրքորոշումն է: Ցաւօք, Ատրպէյճանը համաձայն չէ այդ տեսակէտին հետ: Եւ ես պատրաստ եմ գործադրելու բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը այդպիսի արդիւնքի հասնելու համար, նաեւ ժամանելու Մոսկուա, հանդիպելու, զրուցելու»,-ըսած է Հայաստանի վարչապետը՝ պատասխանելով ԹԱՍՍ-ի հարցին՝ պատրաստ է արդեօք ան ժամանելու Մոսկուա Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպելու համար:

Ընդ որում՝ Փաշինեանը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հակամարտութեան որոշումը պէտք է յենուի փոխզիջման վրայ: «Ոչ թէ կողմերէն մէկու յանձնուելուին, այլ փոխզիջումի վրայ»,-ընդգծել է նա:

«Եթէ չկայ միւս կողմէն պատրաստակամութիւն, մենք պատրաստ ենք պայքարելու մինչեւ վերջ յանուն մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն, յանուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մեր հայրենակիցներու իրաւունքներուն,-շարունակած է Փաշինեանը:-Ես կը կարծեմ, որ այդ Հայաստանի կառավարութեան, Հայաստանի ժողովուրդի, հայկական սփիւռքի դիրքորոշումն է, ես կը կարծեմ, որ այդ ազնիւ եւ կառուցողական դիրքորոշում է»: