image

Մեր դիւանագիտութիւնը խոշոր յաղթանակ տարաւ. ՀՀ վարչապետ

Մեր դիւանագիտութիւնը խոշոր յաղթանակ տարաւ. ՀՀ վարչապետ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն արձանագրած է հայկական դիւանագիտութեան խոշոր յաղթանակը։ Այս մասին վարչապետը գրած է Ֆեյսպուքի իր էջին:

«Վերջապէս մեր դիւանագիտութիւնը խոշոր յաղթանակ տարաւ: Միջազգային հանրութիւնը յստակ արձանագրեց, որ ատրպէյճանաթրքական թանտեմը Արցախի ու Հայաստանի դէմ կը կռուի վարձկան-ահաբեկիչներու օգնութեամբ։ Այսպիսով՝ արցախեան առաջնագիծը կը դառնայ քաղաքակրթական առաջնագիծ։ Արցախը կը կռուի միջազգային ահաբեկչութեան դէմ, որուն թիրախները տարանջատուած չեն աշխարհքաղաքական սահմաններով։

Այդ ահաբեկչութիւնը հաւասարաբար կը սպառնայ ԱՄՆ-ին ու Իրանին, Ռուսաստանին ու Ֆրանսային եւ Արցախը, Հայաստանը, հայ ժողովուրդը կը կռուին յանուն համաշխարհային անվտանգութեան»,-նշած է Նիկոլ Փաշինեանը։