image

Սահմանադրական Դատարանի նախագահի պաշտօնի միակ թեկնածուն՝ Երուանդ Խունդկարեանն է

Սահմանադրական Դատարանի նախագահի պաշտօնի միակ թեկնածուն՝ Երուանդ Խունդկարեանն է

ՍԴ նախագահի միակ թեկնածուն ՍԴ դատաւոր Երուանդ Խունդկարեանն է. ՍԴ աշխատակարգային նիստը պիտի շարունակուի ուրբաթ, ժամը 10։30-ին։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՍԴ նորընտիր դատաւոր Էտկար Շաթիրեանը։

Շաթիրեանն ըսած է, որ առայժմ քուէարկութիւն տեղի չէ ունեցած:

Ան նշած է, որ ինքնաառաջադրուած է մէկ թեկնածու. «Դատաւորներէն մէկը եւս առաջադրեց մէկ թեկնածու, որմէ ետք այդ թեկնածուն ինքնաբացարկ յայտնեց։ Ըստ էութեան մէկ թեկնած կայ»։

Լրագրողները խնդրեցին հնչեցնել թեկնածուի անունը՝ Շաթիրեանն ալ ըսաւ. «Անունները առցանց լրատուամիջոցներուն յայտնի են»։

Դատաւոր Շաթիրեանը չհերքեց մամուլի մէջ շրջանառուող այն լուրը, որ ՍԴ դատաւոր Հրայր Թովմասեանի կողմէ առաջադրուած թեկնածուն Աշոտ Խաչատրեանն է, իսկ ինքնաառաջադրուած թեկնածուն՝ Խունդկարեանը։

Հարցին՝ ինչո՞ւ նիստը այդքան երկար կը տեւէ՝ դատաւորը նշած է. «Կը կարծեմ՝ բնական է, որովհետեւ իւրաքանչիւրն ունի հարցեր։ Կը կարծեմ՝ հարցին արագ լուծում տալու մէջ չէ խնդիրը»։

Շաթիրեանը յայտնած է, որ ինքնաառաջադրուած թեկնածուն ունեցած է ծրագրային ելոյթ. «Որուն յաջորդեց հարցուպատասխանը։ Դատաւորներու մէկ մասը արդէն իսկ ուղղեցին իրենց հարցերը թեկնածուին։ Այլ հարցադրումներ եւս կան»։

Հարցին՝ ինչո՞ւ ինքը չուզեց իր թեկնածութիւնը առաջադրել, դատաւորը ըսած է. «Նպատակայարմար չհամարեցի»։