image

«Քորոնա»ով վարակուած 210 նոր պարագայ. Կայ 4 մահ

«Քորոնա»ով վարակուած 210 նոր պարագայ. Կայ 4 մահ

23 սեպտեմբերին ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 47 877 պարագայ, որոնցմէ 43 026-ը` առողջացած, 942-ը` մահացած:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 3 617 հիւանդ:

Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 268 332 հետազօտութիւն:

Այսպիսով` երէկ կատարուած է 2256 հետազօտութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 210 նոր պարագայ: Կան 350 առողջացած: