image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»ով վարակուած 244 նոր պարագայ. Կայ 2 մահ

«Քորոնա»ով վարակուած 244 նոր պարագայ. Կայ 2 մահ

19 սեպտեմբերին ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 47 154 պարագայ, որոնցմէ 42 551-ը` առողջացած, 928-ը` մահացած:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 3 390 հիւանդ:

Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 259 664 հետազօտութիւն:

Այսպիսով` երէկ կատարուած է 3737 հետազօտութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 244 նոր պարագայ: Կան 182 առողջացած: