image
Հրատապ լուրեր:

Սահմանին զոհ

Սահմանին զոհ

Վերջին օրերուն հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին ատրպէյճանական կողմը ցուցաբերած է աշխոյժութիւն եւ փորձած է ձեռնարկել ամրաշինական աշխատանքներ՝ նպաստելով առաջնագիծին լարուածութեան աճին: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը.

«Հակառակորդի աշխոյժութիւնը ճնշելու եւ հետագայ սրացումները կանխելու նպատակով ՀՀ ԶՈւ առաջապահ ստորաբաժանումները ստիպուած եղած են ձեռնարկել համապատասխան գործողութիւններ:

Հակառակորդի հերթական սադրանքի հետեւանքով 16 սեպտեմբերին հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին վրայ մահացու հրազէնային եւ բեկորային վնասուածքներ ստացած է պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր սերժանտ Յովիկ Նելսոնի Թամազեանը։

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Ստեղծուած իրավիճակի եւ սահմանային լարուածութեան աճի ամբողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: