image

«Քորոնա»ով վարակուած 150 նոր պարագայ. Կայ 1 մահ

«Քորոնա»ով վարակուած 150 նոր պարագայ. Կայ 1 մահ

15 սեպտեմբերին ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 46 119 պարագայ, որոնցմէ 41 941-ը` առողջացած, 920-ը` մահացած:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2 975 հիւանդ:

Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 243 704 հետազօտութիւն:

Այսպիսով` երէկ կատարուած է 2761 հետազօտութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 150 նոր պարագայ: Կան 248 առողջացած: