image

Հայաստանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա»է վարակուած 172 նոր պարագայ

Հայաստանի մէջ   գրանցուած է  «Քորոնա»է    վարակուած  172 նոր  պարագայ

Հայաստանի մէջ 12 սեպտեմբերի ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուած 172 նոր պարագայ գրանցուած է, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 45675 պարագայի: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Ընդհանուր հետազօտութիւններու թիւը կը կազմէ 234631, վերջին մէկ օրուայ ընթացքին` 3372 նոր հետազօտութիւն:

Փաստացի այս պահուն կը բուժուի 2878 հիւանդ, վերջին մէկ օրուայ մէջ նուազած է 2-ով:

Վերջին տուեալներով ապաքինուած է 41605 անձ` վերջին մէկ օրուայ մէջ 171 անձ:

Մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 2 քաղաքացի, մահացածներու թիւը 911 է:

Նախորդ օր արձանագրուած է մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 281 է: