image

Սինանեան պիտի մեկնի Պէյրութ

Սինանեան պիտի մեկնի Պէյրութ

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը պիտի մեկնի Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութ՝ ծանօթանալու այնտեղ տեղի ունեցած հզօր պայթումէն ետք հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կարիքներուն: Այս մասին 6 Օգոստոսի կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Այսօր քննարկեցինք եւ որոշեցինք, որ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը պիտի մեկնի Պէյրութ՝ տեղուոյն վրայ մեր համայնքի կարիքներուն ծանօթանալու եւ մեզի ներկայացնելու համար»,- ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետը նշած է, որ Սինանեանը Պէյրութ պիտի մեկնի առաջիկային այնտեղ ուղարկուելիք օդանաւով, որ բժշկական պարագաներ ու միջոցներ հասցնէ Լիբանանի կառավարութեան: