image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան բժշկական օժանդակութիւններ պիտի ուղարկէ աղիտեալ Լիբանանին

Հայաստան բժշկական օժանդակութիւններ պիտի ուղարկէ աղիտեալ Լիբանանին

ՀՀ կառավարութիւնը՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի միջոցով մշտական կապի մէջ է Լիբանանի կառավարութեան եւ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներուն հետ, եղբայրական Լիբանանին օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով:  Այս մասին Ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է վարչապետի մամլոյ խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեան։

«Քննարկումներու որպէս  արդիւնք, յստակ դարձած են կարիքներու հիմնական ուղղութիւնները, որոնց ծիրէն ներս ՀՀ կառավարութիւնը թիրախային օգնութիւն պիտի հասցնէ Պէյրութ՝ ինչպէս կառավարական, այնպէս ալ համայնքային մակարդակով: 

Օժանդակութիւնը պիտի ըլլայ դեղորայք, բժշկական սարքաւորումներ, սնունդ եւ այլ պարագաներ: ՀՀ կառավարութեան օգնութիւնը տեղ կը հասնի հնարաւորինս արագ, յատուկ թռիչքով:

Յիշեցնենք, որ վարչապետ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ, յայտնելով Հայաստանի իշխանութիւններու պատրաստակամութիւնը օժանդակութիւն ցուցաբերելու բարեկամ Լիբանանին եւ անոր եղբայրական ժողովուրդին»,- գրած է Գէորգեան: