image

Արցախի մէջ արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ

Արցախի մէջ արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով, արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ 2020 թուականի 12 Օգոստոսը:

Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ Արայիկ Յարութիւնեան 11 Յուլիսին ստորագրած է hրամանագիր, որու համաձայն՝ Արցախի Հանրապետութեան մէջ 2020 թուականի 12 Ապրիլին յայտարարուած եւ մինչեւ 11 Յուլիսը երկարաձգուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը երկարաձգուած է 32 օրով` 2020 թուականի 11 Յուլիսի ժամը 22:00-էն մինչեւ 2020 թուականի 12 Օգոստոսի ժամը 22:00-ը ներառեալ։