image

Մահացած է արդի արհեստագիտութեան յայտնի գործիչներէն՝ Կարէն Վարդանեանը

Մահացած է արդի արհեստագիտութեան յայտնի գործիչներէն՝ Կարէն Վարդանեանը

Մահացած է արդի արհեստագիտութեան ձեռնարկութիւններու միութեան (ԻՏՁՄ) գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեանը:

Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին յայտնած է ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեանը։

«Մեր սրտերուն մէջ Կարէնը պիտի մնայ որպէս պայքարող, ազատ ու լուսաւոր մարդ։

Պրն․ Վարդանեանը անգնահատելի մեծ աւանդ թողեց արհեստագիտական ոլորտին մէջ․ ԱՏՁՄ, Տիճիթէք էքսփօ, Արմաթ տարրալուծարանններ, Տիճիթէք ձեռնարկատիրական ֆորում, ՏՏ համաշխարհային քոնկրէս եւ տասնեակ այլ նախագիծեր ու արհեստագիտական ոլորտի զարգացման ռազմավարական ծրագրեր ամբողջական չէին ըլլար առանց իր ներդրած հսկայական ջանքերուն։

Երթաս խաղաղութեամբ, սիրելի ընկեր»,-գրած է նախարարը։։

Կարէն Վարդանեանը ծնած էր 1963 թուականին: Ան 1986-ին աւարտած է Երեւանի փոլիթեխնիք հիմնարկը` որպէս հիդրոինժեներ, իսկ 2009-ին դասընթացքի մասնակցած է ԱՄՆ-ի Հարուըրտի համալսարանի` Քենետիի կառավարման դպրոցին մէջ:

Կարէն Վարդանեանը 7 արտօնագրուած գիւտերու հեղինակ է։