image
Հրատապ լուրեր:

Կիւմրիի մէկ ծերանոցը «Քորոնա»ի օճախ. Կան վարակակիրներ եւ զոհ

Կիւմրիի մէկ ծերանոցը «Քորոնա»ի օճախ. Կան վարակակիրներ եւ զոհ

Aravot.am-ի տեղեկութիւններով, «Քորոնա» ժահրով հիւանդանալու մեծ թիւով դէպքեր արձանագրուած է Կիւմրիի տուն-անկելանոցին մէջ, ընդ որում՝ վարակուած են ոչ միայն այնտեղ խնամուողներ, այլ աշխատակիցներ։ Կայքի տեղեկութիւններով, քննութիւն յանձնած են 150 խնամուողներ եւ 66 աշխատակից, խնամուողներէն 55-ի քննութեան պատասխանը, ցաւօք, եղած է դրական։

Շիրակի մարզպետարանի առողջապահութեան վարչութեան պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Լեյլի Ասլանեանը հաստատած է այդ տեղեկութիւնը։ Ան ըսած է, որ 37-ը հիւանդանոց տեղափոխուած են, երեք հոգի Կիւմրիի վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ բուժում կը ստանան, կան հիւանդանոց տեղափոխուածներ  նաեւ մայրաքաղաքին եւ Սպիտակի մէջ։ Մէկ հոգի երէկ մահացած է Սպիտակի մէջ։ Մարզպետարանի պաշտօնեան նաեւ ըսած է, որ ծերանոցին մէջ մեկուսարան սարքած են, քանի որ կան անախտանիշ ընթացք ունեցող բուժառուներ, որոնք տեղափոխման կարիք չունին: