image

349 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 11 711-ի

349 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 11 711-ի

Հայաստանի մէջ,  7 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 29 285 դէպք, որոնցմէ 16 907` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 11 711 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 125 088 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 349  նոր դէպք եւ  605 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 12 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 503):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են    58 (կին), 70 (կին), 72 (տղամարդ), 56 (կին), 56 (կին), 63 (տղամարդ), 81(տղամարդ), 80 (կին), 82 (կին), 85 (տղամարդ), 54 (կին) եւ 60 (կին) տարեկան: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 5 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 164 է: