image

330 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 11 984-ի

330 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 11 984-ի

Հայաստանի մէջ,  6 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 28 936 դէպք, որոնցմէ 16 302` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 11 984 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 123 815 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 330  նոր դէպք եւ  162 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 7 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 491):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են   72 (կին), 64 (տղամարդ), 71(տղամարդ), 72 (տղամարդ), 87 (տղամարդ), 78 (տղամարդ) եւ 79 (տղամարդ) տարեկան: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 159 է: