image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա» ժահրի նոր օճախ յայտնաբերուած է Շուշիի մէջ

«Քորոնա» ժահրի նոր օճախ յայտնաբերուած է Շուշիի մէջ

Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ «Քորոնա» ժահրի նոր օճախ յայտնաբերուած է: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Առողջապահութեան նախարարութենէն:

«Այդ շրջանակէն 1 նոր դէպք գրանցուած է, շփում ունեցած խումբ մը քաղաքացիներ արդէն մեկուսացուած են: «Քորոնա» ժահրով հիւանդի շփման շրջանակը պարզելու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

1 Յուլիսի դրութեամբ՝ Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան 1 նոր դէպք հաստատուած է: Մեկուսացուած է 58, փաստացի հիւանդութիւնը կը յաղթահարէ 18 քաղաքացի: Անոնց առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար: Առողջացած է 14 քաղաքացի: Ընդհանուր քննութիւններու քանակը 1961 է: