image

«Իմ Քայլ»-ի պատգամաւոր Լիլիթ Ստեփանեան վարակուած է «Քորոնա»ով

«Իմ Քայլ»-ի պատգամաւոր Լիլիթ Ստեփանեան վարակուած է «Քորոնա»ով

Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Ստեփանեանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: «Արմենբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ Ստեփանեանը ըսած է, որ քննութեան պատասխանը ստացած է 29 յունիսին:

«Ախտանշաններ զգացեր եմ ուրբաթ օրը, օրուան երկրորդ կէսէն: Թուլութիւն զգացեր եմ, ուրբաթ օրն ունեցեր եմ ջերմութիւն, մկանային ցաւեր եւ գլխացաւ: Անոնք շարունակուած են երեք օր, ջերմութիւն իջեցնող խմեր եմ ընդամէնը,  ծանր շնչառութիւն ունեցեր եմ, որ ստիպեր է քննութիւն յանձնել»,- ըսած  է Ստեփանեանը:

Պատգամաւորը նշած է՝ չի գիտեր, թէ ուրկէ վարակուած է: