image

Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանք. Ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւններ յայտարարութեամբ հանդէս եկան

Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանք. Ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւններ յայտարարութեամբ հանդէս եկան

Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Հայրենիք կուսակցութիւնները այսօր՝ 30 յունիսին յանցագործութեան մասին հաղորդում պիտի ներկայացնեն ՀՀ գլխաւար դատախազութիւն՝ պահանջելով քրէական գործ յարուցել օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնատար այլ անձանց յանցակցութեամբ առանձնապէս ծանր յանցանքներ կատարելու փաստերու առթիւ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած են Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Հայրենիք կուսակցութիւնները։

Յայտարարութեան, մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Հայրենիք կուսակցութիւններու կողմէ ստեղծուած աշխատանքային խումբի յայտարարութիւնը.-

Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Հայրենիք կուսակցութիւնները վաղը՝ 30 յունիսին յանցագործութեան մասին հաղորդում պիտի ներկայացնեն ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն՝ պահանջելով քրէական գործ յարուցել օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնատար այլ անձանց յանցակցութեամբ առանձնապէս ծանր յանցանքներ կատարելու փաստերու առթիւ:

Լիազօր ներկայացուցիչները 30 յունիսին, ժամը 10:00-ին ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն առձեռն պիտի յանձնեն երեք կուսակցութիւններու համատեղ հաղորդումը յանցագործութեան մասին։

Հաղորդման հիմքը դրուած փաստերու եւ իրաւական հիմնաւորումներու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները նոյն ժամուն կը հրաւիրենք ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան մուտքի մօտ»։