image

«Իմ Քայլ»ի անդամ Կարէն Համբարձումեանը վարակուած է «Քորոնա»ով

«Իմ Քայլ»ի անդամ Կարէն Համբարձումեանը վարակուած է  «Քորոնա»ով

ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Կարէն Համբարձումեանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է պատգամաւորը՝ աւելցնելով, որ քննութեան պատասխանը ստացած է երէկ երեկոյեան։

«Հիմա ես եկեր եմ «Աստղիկ» բժշկական կեդրոն՝ լրացուցիչ ստուգումներ կ'անցնիմ։ Իմ մօտ ամէն ինչ նորմալ է, ես իմ ոտքով, իմ մեքենայով եկեր եմ հիւանդանոց ստուգումներ անցնելու»,- ըսած է Կարէն Համբարձումեանը` աւելցելով, որ այլ հարցերու չի կրնար պատասխանել։ Առաւել մանրամասն պիտի խօսի ստուգումները անցնելէ ետք։