image

Արցախի սահմանները անառիկ են. Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի սահմանները անառիկ են. Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան

Քաջատեղեակ ըլլալով հակառակորդի տրամադրվածութեանն ու նկրտումներուն՝ կը հաւաստիացնեմ, որ Արցախի սահմանները անառիկ են, իսկ բանակը առաւել եւս հզօրացնելուն միտուած մեր ջանքերը տարուէ տարի միայն պիտի բազմապատկուին: Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրառում է ըրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:

«Յարգելի ՛ հայրենակիցներ,

Այսօր այցելեր եմ մեր հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան սահման, ծանօթացեր առաջնագիծին իրականացուող կահաւորման ու նոր զինատեսակներով համալրման աշխատանքներուն եւ այդ ուղղութեամբ բանակի հրամանատարական կազմին տուեր՝ նոր ցուցումներ:

Քաջատեղեակ ըլլալով հակառակորդի տրամադրուածութեանն ու նկրտումներուն՝ կը հաւաստիացնեմ, որ Արցախի սահմանները անառիկ են, իսկ բանակը առաւել եւս հզօրացնելուն միտուած մեր ջանքերը տարուէ տարի միայն պիտի բազմապատկուին»,- գրած է ան: