image

Հայաստան. Նախկին պատգամաւոր՝ Աբրահամ Մանուկեանը կալանաւորուեցաւ

Հայաստան. Նախկին պատգամաւոր՝ Աբրահամ Մանուկեանը կալանաւորուեցաւ

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը բաւարարած է ԲՀԿ-ական նախկին պատգամաւոր Աբրահամ Մանուկեանը կալանաւորելու Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան միջնորդութիւնը:«Արմենբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Մանուկեանի պաշտպան Հրանդ Անանեանը:

«Այդ որեւէ տրամաբանութեան մէջ չտեղաւորուող որոշում է: Անյապաղ պիտի բողոքարկենք այդ որոշումը: Դատաւորը իրաւունք չունէր այդ գործը քննելու»,- ըսած է Անանեանը: