image
Հրատապ լուրեր:

662 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 10 445-ի

662 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 10 445-ի

Հայաստանի մէջ,  27 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 23 909 դէպք, որոնցմէ 12 911` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 445 վարակակիր:

Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 107 108 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 662 նոր դէպք եւ  762 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 11 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 421):