image
Հրատապ լուրեր:

711 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 10 404-ի

711 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 10 404-ի

Հայաստանի մէջ,  24 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 21 717 դէպք, որոնցմէ 10 797ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 404 վարակակիր:

Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 100 400 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 711 նոր դէպք եւ  653 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 14 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 386):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 79, 83, 65, 83, 64, 68, 83  տարեկան տղամարդիկ եւ 64, 73, 62, 76, 76, 68, 68  տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 4 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 130 է: