image

«Ամէն ինչ արդէն կ'անցնի բարոյականութեան սահմանը» Սերժ Սարգսեանի կոշտ անդրադարձը

«Ամէն ինչ արդէն կ'անցնի բարոյականութեան սահմանը» Սերժ Սարգսեանի կոշտ  անդրադարձը

NEWS.am-ի հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ ՀՀ երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանը, լրատուամիջոցներէն մէկուն միջոցով Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի ըրած այն յայտարարութիւնը, ըստ որու` 2016-ին Ստեփանակերտի երկինքը անպաշտպան էր, իսկ այժմ ամբողջ Արցախը պաշտպանուած է, Սերժ Սարգսեան պատասխանած է. «Եթէ բանակին մէջ այսօր ինչ որ բան բարելաւուած է, ինչ որ բան աւելի լաւ է, քան երէկ էր, ես միայն ուրախ եմ եւ երբեք ու երբեք ցեխ չեմ շպրտեր հայոց բանակին վրայ, կասկածի տակ չեմ դներ անոր պաշտպանունակութիւնը, ինչպիսին ալ ըլլան օրուայ քաղաքական իշխանութիւններու ցանկութիւնները կամ քմահաճոյքները:

Որովհետեւ ով որ գոնէ փոքր պատկերացում ունի բանակաշինութեան մասին, պէտք է, որ հասկնայ, թէ ինչ ըսել է տարուէ տարի բանակի պաշտպանունակութեան մակարդակը բարձրացնելը, սպառազինութիւնը արդիականացնելը, բանակը հզօրացնելը, որովհետեւ միայն ոչինչէն, այն ալ` պատերազմի ժամանակ քարը քարի վրայ դրած, ծանրագոյն պայմաններուն զօրահաւաք կազմակերպած, կամաւորական ջոկատներէն կանոնաւոր բանակային ստորաբաժանումներ հիմնած, հակառակորդի դէմ գոյապայքարի ծանրագոյն ժամանակաշրջանին բանակի սպառազինութեան, հագուստի, սնունդի ու վառելիքի հարցերը լուծած մարդիկ կը հասկնան ըսածս, որոնց աչքի առջեւ ծնած եւ կայացած է բանակը:

Շուրջ երեսուն տարի մենք ազգովի հպարտացած ենք հայոց բանակով, իրաւացիօրէն համարած տարածաշրջանի ամենամարտունակը, որ մեր Հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին պաշտպանելու սրբազան գործը մշտապէս պատիւով ու պատասխանատուութեամբ կատարած է: Եւ այս երեք տասնամեակներու ընթացքին գոնէ ես եւ այդ ճանապարհը անցած իմ շատ ընկերները գայթակղութիւն չենք ունեցած բանակաշինութեան նախորդ ժամանակաշրջանը համեմատել մեր ըրած բարելաւումներուն հետ, հրապարակաւ, որոնց կարգին` ի լուր հակառակորդի յայտարարել, թէ ինչ չկար նախապէս, ուր խոցելի էր մեր պաշտպանութիւնը, որպէսզի ցոյց տանք, թէ մենք ինչ ըրած ենք:

Բանակին մէջ շարունակական բարելաւումները ցոյց տալու բազմաթիւ այլ ձեւեր կան: Ի վերջոյ, մենք առաւօտէն երեկոյ չենք տարփողեր, որ ներկայիս, զէնքի մատակարարումներու զգալի մաս մը նախորդ տարիներուն ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ կնքուած պայմանագիրներու հիման վրայ իրականացուած է: Մի՞ թէ այդ է կարեւորը: Ապրիլեան պատերազմէն յետոյ, անցած է չորս տարի, եւ բնական է, որ տարուէ տարի մեր պաշտպանունակութիւնը աւելի պէտք է ամրապնդուէր:

Ասով միայն պէտք է ուրախանալ, ինչպէս պէտք է ուրախանալ եւ հպարտանալ ապրիլեան պատերազմին մեր բանակի աներկբայ յաղթանակով, եւ անթոյլատրելի են պաշտպանութեան հարցով նման յայտարարութիւնները, ընդամէնը ընդգծելու համար կատարուածը: Սահմանէն այն կողմ մեր հակառակորդը պէտք է մշտապէս համոզուած ըլլայ, որ երբեք հայոց բանակի նկատմամբ որեւէ առաւելութիւն, քան թուաքանակը, չէ ունեցած եւ չունի, եթէ չըսեմ` հակառակը: Ապրիլեան քառօրեայի մասին ես խոստացած եմ հանգամանօրէն խօսիլ արտակարգ դրութեան աւարտէն յետոյ հրաւիրուելիք մամուլի ասուլիսին, խորհրդարանին մէջ քննիչ յանձնաժողով ստեղծուած էր, որ արդէն աւարտած է աշխատանքը եւ կը պատրաստուի առաջիկային հրապարակել իր եզրակացութիւնը, ուրեմն, ինչու համար այսօր նման անտեղեակ յայտարարութիւններ տեղի կ'ունենան:

Եթէ 2016 թուականին Արցախի օդային տարածքը պաշտպանուած չէ եղած, այդ ինչպէ՞ս պաշտպանութեան բանակը խոցած է հակառակորդի 20 թռչող սարքերը, 2 ուղղաթիռ, ինչպէ՞ս, հակառակորդի ոչ մէկ ինքնաթիռ այդ ժամանակ չէ հատած Արցախի օդային սահմանը: Գուցէ, Արցախի դէմ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սանձազերծած զաւթիչը խղճացա՞ծ է ու Արցախի օդային տարածքը չէ ներխուժած: Ամէն ինչ արդէն անցած է տրամաբանութեան եւ բարոյականութեան սահմանը: Խոցելին հենց այս սահմանն է, եւ ոչ երբեք Արցախի օդային սահմանը»: